image

Պաշշար Ասատի զարմիկը ձերբակալուած է Սուրիոյ մէջ

Պաշշար Ասատի զարմիկը ձերբակալուած է Սուրիոյ մէջ

Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի զարմիկ Ուասիմ Ասատը: Ան կը մեղադրուի թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան եւ այլ յանցագործութիւններու մէջ, հաղորդած է SANA-ն՝ յղում ընելով երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան:

Ուասիմ Ասատը ձերբակալուած է սուրիա-լիբանանեան սահմանին Գլխաւոր հետախուզական ծառայութեան եւ Ներքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներու կողմէ: Նախարարութեան տուեալներով՝ Ուասիմ Ասատը թմրանիւթերու վաճառքով զբաղող անձ էր եւ Պաշշար Ասատի ռեժիմի օրօք ներգրաւուած էր շարք մը յանցագործութիւններու մէջ:

Աւելի վաղ՝ 2025 թուականի գարնան, Եւրոմիութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ կիրառած էին նախկին նախագահի զարմիկի նկատմամբ։

Ուասիմ Պատի Ասատը հրամանատար եղած է սուրիական բանակի ռազմականացուած ստորաբաժանման մէջ: Ան հրապարակաւ կոչ ըրած է ռեժիմին աջակցելու համար աղանդաւորական աշխարհազօրայիններ ստեղծելու եւ տարածաշրջանային թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան ցանցի հիմնական դէմքերէն է, ըստ ԱՄՆ ելեւմուտի նախարարութեան: