image

Պաշշար Ասատը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի. Շարըհ

Պաշշար Ասատը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի. Շարըհ

Սուրիոյ ներկայիս ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է պատասխանատւութեան ենթարկել նախկին ղեկավար Պաշշար Ասատը։ Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարըհ՝ Fox News-ին տուած հարցազրոյցին։

«Արդարութիւնը պէտք է յաղթէ։ Մենք ստեղծեր ենք արդարադատութեան յանձնաժողով՝ բոլոր ներգրաւուածները, այդ շարքին՝ Պաշշար Ասատը, պատասխանատւութեան ենթարկելու տեղի ունեցածի համար», -ըսած է ան։

Հոկտեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը արաբական երկիրներու լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Ասատը եւ անոր ընտանիքի անդամները կը գտնուին Ռուսիոյ մէջ բացառապէս մարդասիրական պատճառներով, քանի որ Սուրիոյ նախկին նախագահին իր հայրենիքին մէջ կը սպառնայ ֆիզիքական հաշուեյարդար։