image

Սուրիոյ մէջ մեկնարկած են նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր խմբակիցներու դէմ դատական լսումները

Սուրիոյ մէջ մեկնարկած են նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր խմբակիցներու դէմ դատական լսումները

Սուրիոյ մէջ մեկնարկած են երկրի նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր կառավարութեան անդամ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դատավարութեան առաջին լսումները։ Այս մասին կը հաղորդէ France 24-ը։

Ասատը եւ անոր եղբայրը՝ Մահերը, որոնք փախած են Սուրիայէն, պիտի դատուին հեռակայ կարգով, սակայն անոնց ազգականներէն մէկը՝ նախկին անվտանգութեան աշխատակից Աթիֆ Նաճիպը, ներկայ եղած է լսումներուն որպէս մեղադրեալ։

Նաճիպը, որ ձերբակալուած էր իշխանափոխութենէն ետք՝ 2025 թուականի յունուարին, նախապէս ղեկավարած է Սուրիոյ քաղաքական անվտանգութեան ստորաբաժանումը Տարաա նահանգին մէջ։

Ան կը մեղադրուի լայնածաւալ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու արշաւ ղեկավարելու մէջ։

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ X-ի իր էջին վրայ յայտարարած է, որ արդարադատութիւնը պիտի մնայ «գլխաւոր նպատակ, որուն պետութիւնը եւ անոր հաստատութիւնները կը ձգտին հասնիլ»։

Դատական երկրորդ լսումները տեղի ունենան մայիս 10-ին։