Բնիկ Քեսապցի լեզուաբան ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի գրչէն կը կարդանք՝
Լոս Անճելոսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութեան հրաւէրով Հիլտան եւ ես անցնող Յունուար 24 — Փետրուար 9 օրերուն եղանք Լոս Անճելոս, միութեան տարեգիրքի 65-րդ հատորի լոյս ընծայման առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար։ Տարեգիրքը տարուան մարդը նշանակած էր զիս ու համապատասխան նիւթ հրատարակած։ Վարչութիւնը բարձր գնահատեց իմ հայագիտական գործունէութիւնս, մետալով պարգեւատրեց եւ վաստակագիր յանձնեց ինծի։
Շնորհակալութիւն Եսթեր Թագնուզիին, Հրաչ Մերճանեանին, տոքթ, Ճորճ Աբէլեանին եւ Վարչութեան միւս անդամ-անդամուհիներուն։
Մեր կեցութեան շրջանին եղայ տարբեր կեդրոններ ու դասախօսութիւններ ունեցայ։Հանդիպումներ եղան Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտից Միութեան, Լարք երաժշտական հաստատութեան տնօրէն Վաչէ Պարսումեանին, երաժշտագէտ Կարինէ Տէր Գէորգեանին, Այնճարի Հայ Աւետարանական վարժարանի իմ դպրոցակիցներուս, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի հայերէնի ուսուցիչերուն, Ապրիլ եւ Սարդարապատ գրատուներուն եւ անհատ մտաւորականներու հետ։
Ասիկա ինծի առիթ մը եղաւ նաեւ քեսապցիներու տոհմագրութեան մասին բաւական նիւթ հաւաքելուս։ Նաեւ առիթ մը՝ գրչակից ընկերոջս՝ ողբացեալ Երուանդ Գոչունեանի մասին նիւթեր հաւաքելու՝ ապագային անոր նուիրուած հատոր մը կազմելու մտադրութեամբ։
Յատուկ շնորհակալութիւն Ոսկան եւ Սրբուհի Արիսեանններուն, անոնց դստրերուն՝ Նարօտին եւ Նարինին, մեզ ջերմութեամբ շրջապատելուն, նաեւ Վարդի Դանիէլեանին եւ Պերճ Ճանճեանին, Նշան եւ Մարալ Օղիկեաններուն մեզի յաճախ ուղեկցելուն համար, նաեւ Խաչիկ եւ Արմինէ Թիթիզեաններուն, Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններուն, Տիգրան եւ Ռիթա Պալճեաներուն, Միսաք եւ Լենա Աբէլեաններուն, Սողոմոն եւ Աբրահամ Փօլատեաններու ընտանիքներուն, դիմատետրի իմ լաւ ընկերոջ Անժէլ Մկրտիչեանին, Սարգիս Մահսերէճեանին, տոքթ․ Մհեր Պապեանին, բոլոր-բոլորին։
Այս ջերմ գնահատութիւնն ու ընդունելութիւնը պարտաւորոցնող եղաւ իծի համար։