Ատրպէյճանը Հայաստանի դէմ հայց ներկայացուցած է Հաակայի մշտական իրաւարարութեան դատարան՝ անոր մեղադրելով այսպէս կոչուած «բռնագրաւման» ժամանակ ուժանիւթի միջոցներու նկատմամբ «ինքնիշխան իրաւունքներու» բազմաթիւ խախտումներու համար։
Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այս հայցը վերջին զարգացումն է միջազգային դատավարութեան մէջ, որ սկսած է 2023 թուականի փետրուար 27-ին, երբ Ատրպէյճանը միջնորդ դատարանի ծանուցում ուղարկած է Հայաստանին։
«Հայաստանն Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու ապօրինի բռնագրաւման շուրջ երեսուն տարուան ընթացքին թոյլ չէ տուած Ատրպէյճանին հասանելիութիւն ստանալ կամ զարգացնել այդ տարածքներուն մէջ իր ուժանիւթային միջոցները: Հայաստանն այդ միջոցներն օգտագործած է իր օգտին», -ըսուած է հայցին մէջ։
Նշուած է, որ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ փոխհատուցում պահանջել Հայաստանի կողմէ ուժանիւթի միջոցներու նկատմամբ «ինքնիշխան իրաւունքներու» խախտման համար: