image

Պաքուն պատրաստ է Ատրպէյճան-Հայաստան-ԵՄ եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններու. Հաճիեւ

Պաքուն պատրաստ է Ատրպէյճան-Հայաստան-ԵՄ եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններու. Հաճիեւ

Պաքուն պատրաստ է Ատրպէյճան-Հայաստան-ԵՄ եռակողմ ձեւաչափով բանակացութիւններու. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

«Ատրպէյճանը կ'աջակցիէ ԵՄ նախագահ Շառլ Միշէլի մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի եռակողմ գործընթացին եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին ԵՄ-Ատրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափով, եւ այս առումով Պաքուն բազմաթիւ խաղաղարար նախաձեռնութիւններու, այդ շարքին՝ խաղաղութեան պայմանագրի հեղինակն է: Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանը կ'աջակցի ուղիղ եւ երկկողմ երկխօսութեան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու շուրջ», -ըսած Հաճիեւ:

ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը կարողանան հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ եւ քննարկել տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան զարգացումը կանխելու հարցը։