Պաքուն թերեւս կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ մագլցումի օրինականութիւն ձեւաւորել: Այս յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Արմէնփրէս»ի խնդրանքով արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երէկուան յայտարարութեան։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանէն կ՚ըլլան յարձակողական յայտարարութիւններ այն հաշուարկով, որ Երեւանէն հնչեն յարձակողական պատասխաններ։ Ըստ Փաշինեանի՝ սա Պաքուին հնարաւորութիւն կու տայ աւելի յարձակողական դարձնել սեփական յայտարարութիւնները՝ ատոնք զուգորդելով ՀՀ Զինուած ուժերու կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման մասին կեղծ տեղեկութիւններու տարածմամբ՝ տարածաշրջանին մէջ նոր մագլցումի համար իբրեւ թէ «հիմնաւորում» ձեւաւորելու համար:
«Մենք չենք գնալու այս ճանապարհով, հաւատարիմ ենք մնալու խաղաղութեան ռազմավարութեանը եւ հետեւողականօրէն շարունակելու ենք խաղաղութեան օրակարգի իրագործումը: Սա նշանակում է՝ կիրառելու ենք ոչ թէ ագրեսիւութեան, այլ երկխօսութեան լեզու: Մենք շարունակելու ենք կեդրոնացած մնալ սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի տեքստի համաձայնեցման, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրագործման, հումանիտար հարցերի, այդ թւում՝ անհետ կորածների ճակատագրի պարզաբանման խնդիրների վրայ»,- յայտարարած է ՀՀ վարչապետը։
Թէ ինչու Ալիեւը Հայաստանը կ՚անուանէ ֆաշիստական պետութիւն, ըստ Փաշինեանի, այստեղ ալ հաշուարկն այն է, որ Երեւանի արձագանգը ըլլայ՝ ֆաշիստը դուն ես, եւ շղթան շարունակուի: Փաշինեան կ՚առաջարկէ արձանագրել, որ Ատրպէյճանի մէջ Հայաստանի մասին կայ նման մօտեցում, միաժամանակ աւելցուցած է՝ մեր երկրին մէջ ալ նման մօտեցում կայ Ատրպէյճանի հանդէպ։ Ըստ անոր՝ այս ընկալումներն են որ բերած են բազմամեայ հակամարտութեան: Փաշինեանի խօսքով՝ այս ընկալումները քննարկելու, հասցէագրելու մասին է խաղաղութեան օրակարգը, եւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի համաձայնեցուած յօդուածներու մէկ մասը կը փակէ այդ ընկալումներէն մէկ մասի էջը։
«Միւս մասերով էլ հնարաւորութիւն է տալիս, որ բոլոր փոխադարձ բացասական ընկալումները երկկողմ օրակարգի մաս դարձնենք եւ հասցէագրենք դրանք: Յաւելեմ, որ խաղաղութեան պայմանագրի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածների վերաբերեալ առաջարկել ենք լուծումներ եւ Ադրբեջանի դրական պատասխանի դէպքում պատրաստ ենք ստորագրել պայմանագիրը»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը։
Անդրադառնալով Ալիեւի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ յայտարարութեան՝ Փաշինեան ըսած է՝ ՀՀ-ն սեղանին դրած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, մեր օրակարգին մէջ այլ նախագիծ չկայ: Այն կ՚ենթադրէ տարածաշրջանի բոլոր փոխադրային հաղորդակցութիւններու բացում:
«Արդէն առիթ ունեցել եմ յայտարարելու, որ մենք Երասխ-Սադարակ-Օրդուբադ-Մեղրի-Զանգելան երկաթուղին բացելու շատ կոնկրետ առաջարկ ենք արել Ադրբեջանին: Դա աւելին է, քան առաջարկը, դա կոնկրետ հարցերի կոնկրետ լուծում է, եւ մենք սպասում ենք Ադրբեջանի դրական արձագանգին, որից յետոյ կայացած համաձայնութիւնը կ՚արձանագրուի թղթի վրայ, եւ մենք կը սկսենք երկաթուղու մեր հատուածների շինարարութիւնը»,-ըսած է ան։
Ինչ կը վերաբերի Ալիեւի՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ին վերաբերող պնդումներուն, ըստ Փաշինեանի, այստեղ նոր բան չէ ըսուած, որ ինքը նոր մեկնաբանութիւն ընէ։
Ատրպէյճանի նախագահը հերթական անգամ խօսած է Հայաստանի սպառազինութեան մասին։ Այստեղ ալ Փաշինեանը կրկնած է աւելի վաղ ըսածները՝ կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւանները, ներառեալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նոյնը, այսինքն՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան յստակ եւ անվերապահ ճանաչում կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն: Կրկին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած ՀՀ աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր տարածքները ռազմական ճանապարհով ետ բերելու խնդիր չէ դրուած։ Ան շեշտած է, որ որեւէ մէկը չի կրնար վիճարկել պաշտպանունակ բանակ ունենալու Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւունքը:
«Ինչ վերաբերում է սպառազինութեան հետ կապուած մտահոգութիւններին, մենք էլ ունենք մտահոգութիւններ Ադրբեջանի կողմից սպառազինուելու վերաբերեալ, նաեւ լսել ենք նրանց մտահոգութիւնը: Այս է պատճառը, որ սպառազինութիւնների փոխադարձ վերահսկման մեխանիզմ ձեւաւորելու առաջարկ ենք արել Ադրբեջանին եւ սպասում ենք նրանց պատասխանին»,-ըսած է Փաշինեանը։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեղեկութիւններուն, թէ ՀՀ Զինուած ուժերը խախտած է հրադադարի ռեժիմը՝ Փաշինեանը հերքած է, շեշտելով, որ այդ տեղեկատւութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան: Յիշեցուցած է, որ նման իրավիճակները պարբերական բանավէճերու պատճառ չդարձնելու համար հայկական կողմն առաջարկած է ստեղծել համատեղ մեխանիզմ, որ հրադադարի ռեժիմի խախտման վերաբերեալ ամէն ահազանգ համատեղ ստուգուի։ Այս հարցով եւս Երևանը կը սպասէ Պաքուի արձագանգին։