image

Պաքուի մէջ.Քննուած է Վագիֆ Խաչատրեանի դատավճռի բողոքարկումը

Պաքուի մէջ.Քննուած է Վագիֆ Խաչատրեանի    դատավճռի բողոքարկումը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանը քննած է 1991-ի դեկտեմբեր 22-ին այժմ բռնագրաւուած Արցախի Մեշալի գիւղին մէջ իբրեւ թէ «ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութիւն» իրականացնելու համար մեղադրուող Վագիֆ Խաչատրեանի դատավճռի բողոքարկումը:

Խաչատրեանի փաստաբան Ռատմիլա Ապիլովան յայտարարած է, որ իր պաշտպանեալը համաձայն չէ Պաքուի ռազմական դատարանի դատավճռի հետ, որով ան դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման, եւ պահանջած է արդարացնել Խաչատրեանը:

Այնուհետեւ խօսած է Խաչատրեանը. «Կ՚ուզեմ ըսել, որ ես այդ մարտերուն չեմ մասնակցած, ես անմեղ եմ։ Ես այնտեղ չէի եւ ոչ մէկը տեսած են։ Ինծի բերման ենթարկած են Լաչինի միջանցքէն: Ես կը խնդրեմ ազատել զիս»։

Սակայն նիստին ներկայ «տուժածները» եւ պետական մեղադրող Թարանա Մամետովան խնդրած են չբաւարարել բողոքը։

Դատավարութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ յունուար 15-ը։

Յիշեցնենք, որ 2023 տարուան ամռան Լաչինի միջանցքէն առեւանգուած, ապա նոյեմբեր 7-ին Պաքուի մէջ շինծու գործով 15 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Խաչատրեանը բոլոր նիստերուն պնդած է, որ անմեղ է: