Պաքուի դատարանը քննութեան ընդունած է Լաչինի միջանցքին վրայ ատրպէյճանցի ուժայիններու կողմէ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը, որ կը վերաբերի ստորադաս դատարանի որոշման։
Նոյեմբեր 7-ին յայտնի դարձած էր, որ ատրպէյճանական դատարանը Արցախի 68-ամեայ բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանը դատապարտած է 15 տարուան ազատազրկման:
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Պաքուի վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Հասան Ահմետովի նախագահութեամբ կայացած նիստին ուսումնասիրուած են Խաչատրեանի վերաբերեալ տուեալներն ու վերաքննիչ բողոքի հիմնաւորումները:
Գործով դատական նիստը նշանակուած է 7 յունուար, 2024-ին: