«Մուսաուաթ» կուսակցութիւնը 16 նոյեմբերին հակաիրանական ցոյց պիտի կազմակերպէ Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ։ Այս մասին տեղեկացուցած է Turan-ը։
Պաքուի գործադիր իշխանութիւն ուղարկուած է համապատասխան ծանուցում, տեղեկացուցած է պարբերականը։
«Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ ի նշան Իրանի հակաատրպէյճանական քաղաքականութեան եւ այդ երկրին մէջ խաղաղ ցոյցերու դաժան ճնշման դէմ բողոքի»,- նշած են «Մուսաուաթ»էն, գրած է պարբերականը։