Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆան առաջարկած է հայ-ատրպէյճանական միջխորհրդարանական յանձնաժողով ստեղծել:
Պատգամաւորը նշած է, որ «հայերը ընդունած են այն փաստը, որ Հայաստանը չի կրնար զարգանալ առանց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման»:
«Անոնք այդ կ'ընդունին եւ մենք պէտք է օգտագործենք այդ: Մենք պէտք է ուժեղացնենք մեր աշխատանքը Հայաստանի խորհրդարանին հետ, յանձնաժողով ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կայ», ըսած է Ֆազիլ Մուսթաֆան: