image

Պաքուի մէջ ալ նեցուկս պիտի յայտնեմ Հայ ժողովուրդին . Չեխիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ

Պաքուի մէջ ալ նեցուկս պիտի յայտնեմ Հայ ժողովուրդին . Չեխիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ

Չեխիոյ Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ է եւ այլ մարմիններու անդամ է, որոնք կ՚աջակցին: Ես վստահ եմ, որ սա պէտք է ըլլայ համատեղ ջանք, միշտ, որովհետեւ այս պարագային մենք պէտք է համագործակցինք այս մակարդակներով:

Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին անդրադառնալով Հայաստանի տարածքներն բռնագրաւելու համար Չեխիոյ կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման հաւանականութեան, ըսած է Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Մարքեթա Ատամովան:

«Շատ կարեւոր է ընդգծել, որ մենք կ՚օգտագործենք պատժամիջոցը  ոչ միայն որպէս մեր երկրի գործիք կամ մէկ երկրի գործիք, այլեւ որպէս հաստատութիւններ, հիմնարկներ։ Մենք կ՚աջակցինք երկիրներու ինքնիշխանութեան, բայց միեւնոյն ժամանակ լաւագույն շրջանակը պիտի ըլլայ աջակցիլ երկիրներուն միջազգային մակարդակի վրայ, միջազգային համագործակցութեան շրջածիրէն ներս։ Մեր յաջորդ այցը Պաքուն է, եւ մենք ցոյց պիտի տանք մեր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին»,- յայտարարած է ան։

Ըստ Չեխիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահի՝ իրենց համար նպատակ է ունենալ բարգաւաճող, խաղաղ երկու երկիր։

«Երբեք պէտք չէ յանձնուինք եւ պէտք է դրդենք անոնց այս խօսակցութիւններուն: Սա շատ կարեւոր է: Իմ այցի ժամանակ Պաքու ես անպայման այս հարցերը պիտի բարձրացնեմ, թէ ինչու իրենք չեն ուզեր լուծումներ գտնել, որոնք կը յարգուին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու կողմէ: Սա այն է, ինչ մենք պէտք է ընենք:

Մենք, ի հարկէ, պիտի օգտագործենք մեր բոլոր հնարաւորութիւնները, որ այսպիսի ճնշում կարողանանք գործադրել Ատրպէյճանի բոլոր ներկայացուցիչներու վրայ, որ շարունակեն մասնակցիլ բանակցութիւններուն»,- ըսած է ան: