Ատրպէյճանը կը դատապարտէ եւ կը հերքէ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի «անհիմն» մեղադրանքները. այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ երէկ Պորելը յայտարարած էր, որ Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանցի զինուորին կրակելը ցաւալի է, սակայն Ատրպէյճանի պատասխանն անհամաչափ եղած է: Ըստ Պորելի՝ ատրպէյճանական կողմն արհամարհած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնն այն մասին, որ այդ միջադէպն ամբողջութեամբ պիտի քննուի:
Սակայն Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդած է, որ «սադրանքին» պատասխան ձեռնարկուած քայլերը «միանգամայն համարժէք էին» եւ տեղական բնոյթ կը կրեն:
«Ռազմական յարձակում իրականացուցած հայկական կողմի վերաբերեալ Ժոզեփ Պորելի հիմնաւորումը Հայաստանի ռազմական սադրանքի անտեսում է: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է հաշուի առնէ, որ Հայաստանի կողմէ սահմանամերձ շրջաններու մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հովանաւորութեամբ տեղակայուած վարձկանները վտանգ կը ներկայացնեն ատրպէյճանական զինուորականներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի համար:
Հակառակ Եւրոխորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշելի՝ խաղաղութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն, Պորել, միակողմանի հայանպաստ դիրք գրաւելով, անջրպետ կը ստեղծէ Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան կառոյցներու միջեւ եւ ինքզինք ամբողջութեամբ կը մեկուսացնէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ: