image

Պաքու «Հաւատարիմ» խաղաղութեան գործընթացին

Պաքու «Հաւատարիմ»  խաղաղութեան  գործընթացին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւններն այն մասին, որ ատրպէյճանական զինուժի ձեռնարկած միջոցները մագլցումի պատրուակ են, միանգամայան անհիմն են։

Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«Ռազմական սադրանքէն ետք, որ յանգեցուցած է ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորման, ատրպէյճանական կողմը վերացուցած է հայկական դիրքէն բխող վտանգը։ Այս միջոցը զուտ պատասխան գործողութիւն էր։

Ատրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին եւ կոչ կ՚ընէ հայկական կողմին խուսափելու ռազմական մագլցումէն, որ կրնայ վտանգել այդ ուղղութեամբ ջանքերը»,- նշած են գերատեսչութենէն։