image

Պապիկեան անակնկալ այց կատարած է ՊՆ լեռնային ուսումնական կեդրոն

Պապիկեան անակնկալ այց կատարած է ՊՆ լեռնային ուսումնական կեդրոն

Յուլիս 16-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան անակնկալ այց կատարած է ՊՆ լեռնային ուսումնական կեդրոն: Այդ մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն:

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ողջունած է առաւօտեան տողանի շարուած նորակոչիկները, որոնք, ուսումնական փուլն աւարտելով, որպէս կրտսեր հրամանատարներ պիտի մեկնին նախորոշուած զօրամասեր:

Նախարար Պապիկեան ժամկէտային զինծառայողներու հետ զրուցած է զինուորական ծառայութեան առանձնայատկութիւններու, ՊՆ-ի մէջ ներդրուած շարք մը ծրագրերու եւ ուսումնական կեդրոնի տեսական ու գործնական դասերու կարեւորութեան մասին: Այնուհետեւ պաշտպանութեան նախարարը շրջած է ուսումնական կեդրոնին մէջ, հետեւած շտաբային նոր շէնքի շինարարութեան։ Շէնքը նախատեսուած է շահագործման յանձնել մինչեւ տարեվերջ: Սուրէն Պապիկեանը նաեւ ծանօթացած է վրանային աւանի կահաւորման, թիկունքային ապահովման:

Պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարականներ տուած է ուսումնական կեդրոնի հրամանատարութեան՝ նորակոչիկներու ծառայութիւնը լիարժէք կազմակերպելու համար:

Աւելի ուշ Սուրէն Պապիկեան այցելած է յատուկ նշանակութեան զօրամասերէն մէկը, շրջած մասնաշէնքերու մէջ, ծանօթացած ենթակառուցուածքներուն, ընթացող շինարարական աշխատանքներուն:

Զօրամասի հրամանատարը նախարար Պապիկեանին զեկուցած է անձնակազմի համալրուածութեան, մարտական պատրաստութեան ծրագրի, կայացող բազմաթիւ վարժանքներու մասին: Նախարարը սպայակազմի հետ քննարկած է զօրանոցներու նորոգման, կահաւորման, ուսումնական նոր ենթակառոյցներու ստեղծման, ինչպէս նաեւ ուսումնական արգելագօտիներու ստեղծման հարցեր: