image

Պաղտատի մէջ. Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայոց Առաջնորդարան (Լուսանկար)

Պաղտատի մէջ.  Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայոց Առաջնորդարան (Լուսանկար)

Հայ Կաթողիկէ Միաբաններու պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ  Բերիոյ (Հալէպի), ինչպէս նաեւ վերջերս  նշանակուած Պաղտատի թեմերու առաջնորդներուն օրերս այցելութիւն տուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Հայոց Թեմի Պաղտատի Առաջնորդարան։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան  դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Այսօր՝ Սեպտեմբերի 5ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հալէպի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Մարիաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Բարձրաստիճան հոգեւորականները նախ այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին: Ետքը՝ Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկխօսութիւն եղաւ Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակի մասին: Այստեղ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը հիւրերուն հակիրճօրէն ներկայացուց Իրաքահայ Թեմի եւ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ պատմակաը:

Յատկանշական է որ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետ՝ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի հիւանդութեան պատճառաւ՝ Հալէպի Առաջնորդը, քանի մը օրեր առաջ իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ ժամանած էր Պաղտատ, հանդիսապետելու Արհի. Տ. Ներսէս Ժոզէֆ Նորօծ Արք. Զապարեանի գահակալութեան արարողութիւնը: 

Հանդիպման ներկայ եղան Հոգեւորականաց Դասը եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը: