Հայ Կաթողիկէ Միաբաններու պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Բերիոյ (Հալէպի), ինչպէս նաեւ վերջերս նշանակուած Պաղտատի թեմերու առաջնորդներուն օրերս այցելութիւն տուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Հայոց Թեմի Պաղտատի Առաջնորդարան։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Այսօր՝ Սեպտեմբերի 5ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հալէպի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Մարիաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Բարձրաստիճան հոգեւորականները նախ այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին: Ետքը՝ Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկխօսութիւն եղաւ Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակի մասին: Այստեղ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը հիւրերուն հակիրճօրէն ներկայացուց Իրաքահայ Թեմի եւ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ պատմակաը:
Յատկանշական է որ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետ՝ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի հիւանդութեան պատճառաւ՝ Հալէպի Առաջնորդը, քանի մը օրեր առաջ իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ ժամանած էր Պաղտատ, հանդիսապետելու Արհի. Տ. Ներսէս Ժոզէֆ Նորօծ Արք. Զապարեանի գահակալութեան արարողութիւնը:
Հանդիպման ներկայ եղան Հոգեւորականաց Դասը եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը: