image

Պաղեստին. Արեւմտեան ափը չի հանդարտիր. Դարձեալ 2 զոհ

Պաղեստին. Արեւմտեան ափը չի հանդարտիր. Դարձեալ  2 զոհ

Այսօր` Հինգշաբթի, «Մայատին»-ի թղթակիցը յայտնած է, որ երկու հոգի նահատակուած  է իրայէլեան ուժերու կրակոցներէն, երբ վերջիններս ներխուժած են Ժըննինի մօտ գտնուող Քաֆրտան քաղաքը:

Թղթակիցը յաւելեց, որ Քաֆրտան քաղաքին մէջ իսրայէլեան ուժերու հետ առճակատման ժամանակ վիրաւորուած է 4 պաղեստինցի:

Իսրայէլեան ուժերը այսօր` Հինգշաբթի լուսադէմին, ձերբակալութիւններու արշաւ սկսած են Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի նահանգներուն մէջ եւ աւելի քան 13 պաղեստինցի ձերբակալուած է:

Իսրայէլեան ուժերը ձերբակալած են Նապլուսի նահանգէն 3 քաղաքացի: Անվտանգութեան աղբիւրները յայտնած են, որ ձերբակալուած են Պիլալ Շթայէն` Թալ գիւղէն, Ամիր Շթայէն` Ռաֆիտիայի իր տունէն եւ Համտի Տուէյքաթին` Պալաթա Պալատէն:

Բեթղեհեմ քաղաքի խմբակցութիւններու համակարգող կոմիտեն այսօր ընդհանուր գործադուլ յայտարարած է նահատակ Քուսայ Համամրայի հոգիին, որ է Չորեքշաբթի երեկոյեան սպաննուած էր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Բեթղեհէմէն արեւմուտք գտնուող Հուսան քաղաքին մէջ:

Կոմիտէն աւելցուցած է, որ գործադուլը կը ներառէ կառավարական հաստատութիւններ, համալսարաններ, պետական եւ մասնաւոր դպրոցնէր, եւ կոչ ըրած է յանձնառու մնալու գործադուլին եւ մասնակցելու Քուսայի յուղարկաւորութեան եւ բախումները սրելու բոլոր շփման կէտերուն մէջ: