image

Օծեալ աջը համբուրե՞լ թէ ոչ. Մեր եկեղեցին կը պատասխանէ (Տեսանիւթ)

  Օծեալ աջը համբուրե՞լ թէ ոչ. Մեր եկեղեցին կը պատասխանէ (Տեսանիւթ)

Վերջին օրերուն եւ մասնաւորապէս համացանցի վրայ քննադատութեան թիրախ դարձած է այն որ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալներ կը մօտենան եւ երէց, աւագ կամ օրուայ խորհուրդը կատարող կղերականին աջը կը համբուրեն՝ «աջը կ՚առնեն»։

Քննադատելը ազատ խօսքի իրաւունքին մէջ կը պարբակուի, այնքան ժամանակ, որ այդ եղած քննադատութիւնը  վիրաւորական չըլլար, կամ «կարմիր գիծ»ի սահմանները չի հատէր։

Մեր եկեղեցին աւանդութեան եկեղեցի է ու այդ աւանդութեան ու պատմութեան պատուհանէն է, որ հասած, փոխանցուած է մեզի։

 Ու այս տեսակէտէն դիտուած, հարկ է սիրով եւ ընկալումով ընդունիլ եկեղեցականին աջը համբուրելու երեւոյթը, որ խորքին մէջ օրհնութեան մը ըղձալու, օրհնութեան մը հասնելու երեւոյթ է։ 

 Այդ մասին ալ օրերս ուշագրաւ բացատրութիւն մը տուած է Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը։

 Դիտենք տեսանիւթը, միշտ հաւատալով ու մանաւանդ համոզուելով, որ մեր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդոյթներն ու դարաւոր ծիսակարգը  ամէնէն աւելի իրենց մէջ կը բովանդակեն քրիստոնէական արժէքներու խորհուրդներն ու մաքրութիւնը։