image
Հրատապ լուրեր:

Օտարերկրեայ ուժերու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ այլ նպատակ կը հետապնդէ. Ալի Պաղերի

Օտարերկրեայ ուժերու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ այլ նպատակ կը հետապնդէ. Ալի Պաղերի

Տարածաշրջանի երկիրներն են խաղաղութեան երաշխաւորը, եւ օտարերկրեայ ուժերու ներկայութիւնը չի կրնար խաղաղութիւն ապահովել. անոնք այլ նպատակներ կը հետապնդեն։ Լրագրողներու հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնած է Երեւան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերին։

Անորմէ հետաքրքրուած են նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ատրպէյճանի այն գործելաոճը, որ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել Հայաստանի տարածքները, 100 օր շրջափակուած կը պահէ Լաչինի միջանցքը՝ հակառակ ՄԱԿ–ի Արդարադատութեան դատարանի որոշման։

«Աստուած դիւանագէտները ստեղծած է, որ խաղաղ երկխօսութիւններու միջոցով կարենան կայունութեան հաստատման հասնիլ: Իրանը իր ողջ հնարաւորութիւնն ու ներուժը կ'օգտագործէ խաղաղ երկխօսութիւններու միջոցով խնդիրներուն լուծում տալու համար։ Կ'ենթադրեմ, որ տարածաշրջանի երկիրներու ղեկավարներն այնքան խելամիտ են, որ երկխօսութեան տարբերակը կ'ընտրեն հարցերու լուծման համար»,-ըսած է ան:

Միաժամանակ, Պաղերին նշած է, որ Իրանի համար հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը առաջնահերթութիւն է, եւ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ուրոյն տեղը կը զբաղցնէ: Ան յայտնած է, որ շատ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ փոխնախարարներէն մէկու հետ։

Հանդիպումներու ընթացքին, ըստ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին, ընդգծուած է պաշտօնական Թեհրանի կայուն դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցով. «Իրանը վստահելի գործընկեր է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման հարցով»։

Յիշեցնենք, որ Պաղերին երէկ թուիթըրեան իր էջով յայտնած էր, որ երկօրեայ այցով Հայաստան կ'այցելէ հայ գործընկերներու հրաւէրով։