image
Հրատապ լուրեր:

Օրական 998 տոլար.Բոլոր անոնք, որ ապօրինի կերպով ԱՄՆ մնալ փորձեն պիտի տուգանուին

Օրական 998 տոլար.Բոլոր անոնք, որ ապօրինի կերպով ԱՄՆ մնալ փորձեն  պիտի տուգանուին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է ներգաղթեալները արտաքսման որոշումէն ետք օրական տուգանել 998 տոլարով, եթէ անոնք չլքեն երկիրը։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում ընելով իր տեսած փաստաթուղթերուն։ Անոնք որոնք չեն վճարեր գումարը, անոնց ունեցուածքը պիտի բռնագրաւուի։

Ըստ բարձրաստիճան աղբիւրի, որ ուզած է անանուն մնալ, Թրամփի վարչակազմը կը նախատեսէ ետին թիւով նման տուգանքներ կիրառել մինչեւ հինգ տարի ժամկէտով: Այդ կրնայ յանգեցնել աւելի քան մէկ միլիոն տոլարի տուգանքներու գոյացման:

Հրատարակութըան զրուցակիցները նշած են, որ օրէնքը աւելի հաւանական է՝ անհրաժեշտ է ներգաղթեալները վախեցնելու համար։

Սահմանափակումները կը բխին 1996-ին ընդունուած օրէնքէն: Թրամփ օրէնքն օգտագործած է 2018-ին իր առաջին պաշտօնավարման ընթացքին՝ հարիւր հազարաւոր տոլարներու տուգանքներ սահմանելու համար 9 ներգաղթեալի նկատմամբ, որոնք ապաստան գտած էին եկեղեցիներու մէջ: Յաջորդ նախագահ Ճօ Պայտընը վերջ  դրած էր այս քաղաքականութեան։