image

Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ սկսած է ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու երրորդ փուլը

Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ սկսած է ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու երրորդ փուլը

Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը կարգաւորելու նպատակով Օմանի միջնորդութեամբ՝ երկրի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ սկսած է ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու յաջորդ՝ երրորդ փուլը։ Այս մասին յայտնած է իրանեան Tasnim գործակալութիւնը։ 

Իրանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր երկրի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին, իսկ ամերիկեան պատուիրակութիւնը՝ ԱՄՆ նախագահի յատուկ դեսպանորդ Սթիւըն Վիթքոֆը։

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքականութեան ծրագրման տնօրէն Մայքլ Անթոնը կը գլխաւորէ տեխնիկական խորհրդատւութիւններու փորձագիտական ​​խումբը։ Խորհրդատուական հանդիպման Իրանը կը ներկայացնեն արտաքին գործոց փոխնախարարներ Մաճիտ Թախթ-Ռավանչին եւ Քազեմ Ղարինպապատին։