image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան չի կրնար պարզապէս հրաժարիլ Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զապորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու տարածքներէն. Զելենսքի

Ուքրանիան չի կրնար պարզապէս հրաժարիլ Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զապորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու տարածքներէն. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ իր երկիրը չի կրնար պարզապէս հրաժարիլ Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զապորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու տարածքներէն։ Այդ մասին Զելենսքին յայտարարած է Fox News-ի հետ հարցազրոյցին։

Ըստ Զելենսքիի՝ անհնար է պարզապէս դուրս գալ այդ տարածքներէն։ «Ո՛չ նախագահը, ո՛չ խորհրդարանը, ո՛չ ալ հանրաքուէն կրնան փոխել այն փաստը, որ այդ կը հակասէ մեր օրէնսդրութեան», - նշած է ան։

Ըստ Զելենսքիի՝ խօսքը միայն օրէնքի մասին չէ: Այդ տարածքներուն մէջ կ՚ապրի մօտ 300,000 մարդ։ «Մենք չենք կրնար պարզապէս «դուրս գալ» եւ լքել անոնց։ Մեր բանակը տեղակայուած է այնտեղ», -ըսած է Զելենսքին։

Ուքրանիոյ ղեկավարը ընդգծած է, որ հնարաւոր փոխզիջումային կարգաւորման վերաբերեալ որեւէ որոշում կրնայ կայացուիլ միայն քաղաքացիներու անմիջական համաձայնութեամբ։ Անոր խօսքով՝ խօսքը 20 կէտէ բաղկացած յստակ ծրագրի մասին է, այլ ոչ թէ ընդհանուր կամ հռչակագրային համաձայնութիւններու։