Երեւանի մէջ դեկտեմբեր 29-ի եւ 31-ի ցերեկը, յունուար 1-ին, 2-ի գիշերը կը սպասուի ձիւն։ Դեկտեմբեր 30-ին, 31-ի գիշերը, յունուար 2-ի ցերեկը, 3-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Մարզերու մէջ դեկտեմբեր 29-ի ցերեկը, 30-ի գիշերը, 31-ի եւ յունուար 2-ի ցերեկն առանձին շրջաններու մէջ, յունուար 1-ին եւ 2-ի գիշերը՝ շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի ձիւն։ Դեկտեմբեր 30-ի ցերեկը, 31-ի գիշերը եւ յունուար 3-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Դեկտեմբեր 29-ի լոյս 30-ի գիշերը եւ առաւօտեան ժամերուն հանրապետութեան բոլոր ճանապարհներուն կը սպասուի մերկասառոյց։ Քամին հիւսիս-արեւմտեան՝ 2-5մ/վ, դեկտեմբեր 29-ի ցերեկը, 30-31-ին առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վրկ։
Օդի ջերմաստիճանը յունուար 1-ի գիշերը պիտի բարձրանայ 8-10 աստիճանով, յունուարի 2-3-ին աստիճանաբար նոյնքան պիտի նուազի։