Մոսկուա ժամանած է Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շայպանին, պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-մայոր Մուրհաֆ Ապու Քասրան եւ ընդհանուր հետախուզութեան վարչութեան պաշտօնեաները, հաղորդած է SANA գործակալութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ պիտի վարէ ռուս պաշտօնեաներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։