image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շնորհաւորական այցելութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շնորհաւորական այցելութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան։

Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետին նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը։

Հանդիպման ընթացքին բնականաբար անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ու Հայաստանի այժմու կացութեան։ Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկաներուն միջեւ տեսակէտերու փոխանակում կատարուեցաւ յիշեալ հարցերուն գծով։