image

Նուիրումի յանձնառութեան իրական պատկեր. Սողոմոնեաններու նուէրը՝ Սիտնիիի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին (Լուսանկարներ)

Նուիրումի յանձնառութեան իրական պատկեր. Սողոմոնեաններու նուէրը՝ Սիտնիիի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին (Լուսանկարներ)

Օրերս, Մեծ Պահքի նախօրէին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի Հայաստանեայց Առաքելական՝ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տէր եւ Տիկին Կրէկ եւ Անի Սողոմոնեաններու կողմէ նուիրաբերուած խաչի օրհնութիւնը՝ ձեռամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի։ 

«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Թեմիս դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր նշուած է՝ 

Անցեալ կիրակի, Մեծ Պահքի կամ Բուն Բարեկենդանի նախօրէին, տեղի ունեցաւ Տէր եւ Տիկին Կրէկ եւ Անի Սողոմոնեաններու կողմէ նուիրաբերուած խաչի օրհնութիւնը՝ ի յիշատակ  անոնց հանգուցեալ ծնողներ՝ Յակոբ եւ Հայկուհի Սողոմոնեաններուն եւ Սողոմոնեան ընտանիքի համայն ննջեցեալներուն։ Աւետիս քահանայ Համբարձումեանին նախագծած գեղեցիկ Խաչը Հայաստան պատրաստուած էր, ընկուզենիի փայտէ, վարպետ Արտակ Ներսէսեանի ձեռամբ։

Խաչը օրհնուեցաւ եւ օծուեցաւ Սուրբ Պատարագէն ետք, թեմակալ առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Հայկազուն արք. Նաճարեանի ձեռամբ, եւ Սողոմոնեան ընտանիքի ներկայութեամբ։

Մեծ Պահքի ժամանակ, երբ խորանի վարագոյրը կը փակուի, անոր դիմաց կը դրուի մոմերով զարդարուած մեծ խաչ։ Աւագ Հինգշաբթի եւ Աւագ Ուրբաթ օրերու ժամերգութիւններու ընթացքին, խաչին շուրջ տասներկու մոմ կը զետեղուի, իբրեւ տասներկու առաքեալներու խորհրդանիշ։ Մոմերը կը մարուին իւրաքանչիւր աւետարանը կարդալու ընթացքին:

Արուեստի այս գեղեցիկ գործը բաղկացած է նոր օծուած Խաչէ եւ յենարանէ։ Յենարանը կը ներառէ մետաղէ մոմակալները, առաքեալներուն պատկերները եւ ժամագիրքին համար ներկառուցուած գրակալը:

Կրէկ եւ Անի Սողոմոնեանները, աւանդոյթին հաւատարիմ մնալով, հետեւած են Կրէկի ծնողներուն հետքերուն, որոնք նուիրաբերած էին նախորդ խաչը, որ գործածուած էր Մեծ Պահքի շրջանին:

Աւարտին մէջբերենք Սուրբ գրային իմաստուն խօսքը՝ « Որովհետեւ այս տուրքի պաշտօնը ոչ թէ միայն սուրբերու պակասը կը լրացնէ, այլեւ շատերուն գոհութիւնը կը շատցնէ, Աստուծոյ համար»։ Բ. Կորնթացիս 9.12