Նորվեկիոյ Թագաւորութեան ուժանիւթի եւ նաւթի նախարար Թերիէ Օսլանտ յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի չնուազեցնէ բնական կազի գինը Եւրոմիութիւն ներկրողներու համար՝ հակառակ ճգնաժամին, գրած է kommersant.ru-ն՝ մանրամասնելով, որ Եւրոպա կազի մատակարարումներու քառորդ մասը կու գայ Նորվեկիայէն։
«Նաւթային ընկերութիւնները, որոնք կը գործեն Նորվեկիոյ մայրցամաքային ծանծաղուտին մէջ (շելֆ), կ'աշխատին առեւտրային հիմունքներով», - ըսած է նախարարը E24 Nringsliv-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: Նախարարի խօսքով՝ Նորվեկիոյ կառավարութիւնը շուկայականէն ցած գիներով պայմանագրեր չի պարտադրեր ձեռնարկութիւններուն։
Թերիէ Օսլանտ նաեւ յիշեցուցած է, որ Եւրոմիութիւնը 20 տարի առաջ հրաժարած է երկարաժամկէտ պայմանագրերէն՝ յօգուտ «սփոթ» պայմանագրերու:
18 Օգոստոսին Financial Times-ը, յղում ընելով աղբիւրներուն, յայտնած է, որ ԵՄ ընկերութիւններու ղեկավարները, որոնք կը ներմուծեն նորվեկեան կազ, «մասնաւոր կերպով» կը խնդրեն Նորվեկիայէն «համաձայնիլ կազի արտահանման՝ ցած գինով»։
Նորվեկեան Equinor պետական ընկերութիւնը կազի գինի բարձրացման պայմաններուն կը նախատեսէ 2022 թուականին հումքի արտահանումէն ստանալ մօտ 100 միլիառ եուրօ շահոյթ. 2021 թուականին անոր շահոյթը կազմած է 30 միլիառ եուրօ։
Ամբողջ շաբաթ Եւրոպայի մէջ կազի գիները կը բարձրանան. 25 օգոստոսին Լոնտոնի ֆոնտային սակարանին սեպտեմբերեան մուրհակներու գինը հասած է մրցանշային մակարդակի մարտի սկիզբէն այս պահուն գինը բարձրացած է մինչեւ 3300 տոլար 1000 խորանարդ մեթրի համար: