image

Նոր հրատարակութիւններ Պէյրութի մէջ. Լոյս տեսած են «Ռուբէնի Յուշեր»ուն թիւ 3 եւ 4 հատորները

Նոր հրատարակութիւններ Պէյրութի մէջ. Լոյս տեսած են «Ռուբէնի Յուշեր»ուն թիւ 3 եւ 4 հատորները

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական բարդագոյն պայմաններուն խումբ մը ազգայիններու նախաձեռնութիւնը հանդիսացող հրատարակչական առաքելութիւնը կը շարունակուի։

Հրատարակչութեան կիզակէտին է ընթերցող հասարակութեան ու յատկապէս երիտասարդ սերունդի ուշադրութեան յանձնել յեղափոխական տաք շունչ հաղորդող պատմական հանդիսացող եւ սպառման հետեւանքով գիրքերու եւ գրատուներու հրապարակէն անյետացած հատորներու վերահրատակութիւնը։

 Այս առումով ալ ուշագրաւ տեղ ունին ՀՅԴ նուիրական գործիչ՝ Ռուբէն Փաշայի (Ռուբէն Տէր Մինասեան) հատորներուն վերահրատարակումը։

Այս առումով ալ «Արեւելք» ստանալով այս հոգեշահ լուրը իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Ռուբէն մատենաշար»ի դիմատետրեան էջին գրառումը։

 Յաջողութիւն կը մաղթենք հոգելքման ժամանակներուն այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութիւնը ստանձնող նոյնքան նուիրեալ մեր ազնիւ հայրենակիցներուն, մաղթելով անոնց նորանոր նուաճումներ։

 

 

Լոյս տեսան «Ռուբէնի Յուշերը» 3 եւ 4 հատորները:

Ահաւասիկ Նոր տարուան լաւագոյն նուէրը: Ահաւասիկ վերադարձը՝ Օննիկ Նեւրուզի, Բասենի կռիւներու հերոսներուն, Էրզրումցի Միքայէլի, Գայլ Վահանի, Կոմսի, Ռուբէնի մօր՝ Տիկին Կատարինէ Տէր Մինասեանի, Սէրգէյի, Համօ Ջանփոլատեանի, Ուսուլ Խեչոյի, Պատուալի Վաղոյի, Երկաթի, Սիմոն Զաւարեանի, Սարգիս Օհանջանեանի, Բժիշկ Զաւրիեւի, Դալի Թադոսի, Սարբազ Խեչոյի, Դաշնակցական Խեչոյի, Կոստի Համբարձումեանի, Չարւատար Յակոբի, Մստոյի, Քղեցի Պօղոսի, Աւտոյի, եւ Ռուբէնի անմահացու ցած միւս հերոսներուն:

Ահաւասիկ մեր ճիտին պատքը, որ պիտի շարունակուի հրատարակութեան միջոցով. բարոյական պարտք է այս, որուն մարումը կ'ըլլայ միայն ու միայն դաշնակցականի անշահախնդրութեամբ, ինչ որ համեստօրէն կը փորձէ կատարել «Ռուբէն Մատենաշար»ի խմբագրութիւնը: