image

Նոպէլեաան մրցանակ ստացած անձը զանգեց ինծի եւ ըսաւ, որ այն կ՚ընդունի իմ պատուոյն․ Թրամփ

Նոպէլեաան մրցանակ ստացած անձը զանգեց ինծի եւ ըսաւ, որ այն կ՚ընդունի իմ պատուոյն․ Թրամփ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ իրեն հեռաձայնած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի այս տարուան դափնեկիր՝ Մարիա Քորինա Մաչատոն։ 

«Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրը ինծի հեռաձայնեց։ Ան ըսաւ, թէ մրցանակը պիտի ընդունի իմ պատուոյն, որովհետեւ ես արժանի եմ ատոր», – Սպիտակ Տան մէջ լրագրողներուն յայտնած է Թրամփ։

Թրամփի խօսքով՝ ինք չէ խնդրած անոր, որ մրցանակը իրեն տայ։

«Ես անոր չեմ ըսած, որ տայ ինծի։ Բայց կը կարծեմ՝ կրնար», – աւելցուցած է ԱՄՆ նախագահը։