ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ իրեն հեռաձայնած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի այս տարուան դափնեկիր՝ Մարիա Քորինա Մաչատոն։
«Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրը ինծի հեռաձայնեց։ Ան ըսաւ, թէ մրցանակը պիտի ընդունի իմ պատուոյն, որովհետեւ ես արժանի եմ ատոր», – Սպիտակ Տան մէջ լրագրողներուն յայտնած է Թրամփ։
Թրամփի խօսքով՝ ինք չէ խնդրած անոր, որ մրցանակը իրեն տայ։
«Ես անոր չեմ ըսած, որ տայ ինծի։ Բայց կը կարծեմ՝ կրնար», – աւելցուցած է ԱՄՆ նախագահը։