image

Netflix-ի հեռուստաշարը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ․ Հայաստանը ներկայացուած է պատմական սահմաններով

Netflix-ի հեռուստաշարը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ․ Հայաստանը ներկայացուած է պատմական սահմաններով

Ամերիկեան Netflix ծառայութեան կողմէ ցուցադրուող բազմաշարք ֆիլմերէն մէկուն մէջ օգտագործուած քարտէզը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ։ Անոր մէջ Հայաստանը ներկայացուած է իր պատմական սահմաններով՝ ներառելով Թուրքիոյ ներկայիս տարածքը։

Թրքական ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու կեդրոնը (Türk DEGS) այդ մասին առաջինը գրառում կատարած է թուիթըրեան էջով՝ բողոքելով, որ Netflix-ը Թուրքիոյ մէկ մասը որպէս Մեծ Հայքի մաս ներկայացուցած է:

«Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին վաւերագրական ֆիլմին մէջ, որ հեռարձակուած է Netflix հարթակով, Թուրքիոյ տարածքը ներկայացուած է որպես Հայաստանի տարածք։ Մենք կը դատապարտենք բոլոր այս նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան», ըսուած է վերոնշեալ կեդրոնի գրառման մէջ: