image

Ներքին Հանդի մէջ վախի եւ տագնապի մթնոլորտ. ՀՀ ՄԻՊ

Ներքին Հանդի մէջ վախի եւ տագնապի մթնոլորտ. ՀՀ ՄԻՊ

Փետրուար 13-ին Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւններու հետեւանքով մարդկային իրաւանց խախտումներուն վերաբերելի հարցերու առնչութեամբ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանի յանձնարարութեամբ աշխատակազմէն ներս սկսած է ուսումնասիրութիւն:

Այս մասին յայտնած են Մարդկային իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմէն։

Ներքին Հանդի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով խաթարուած են քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի, անվտանգ միջավայրի մէջ ապրելու, կրթութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքները։

Մարդկային իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմին բնակիչները պատմած են, որ կրակոցները պարզ լսելի եղած են, որու հետեւանքով իրենք ահաբեկուած են, յայտնուած են անորոշութեան մէջ, տագնապային վիճակի մէջ։

Պաշտպանը յատուկ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւններն իրական վտանգ կը ներկայացնեն անձանց կեանքի իրաւունքի եւ անվտանգութեան, կրթութեան, ինչպէս նաեւ միւս հիմնարար իրաւունքներու ապահովման տեսանկիւնէն։

Մարդկային իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ մշտադիտարկման եւ մարդկային իրաւանց առնչուող փաստերու հաւաքագրման աշխատանքները կը շարունակուին։