image

Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը

Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը

Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն կը տեղեկացնեն, որ հիւպատոսութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ծառայութիւններ մատուցելով ՀՀ եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն:

«Հիւպատոսական ծառայութիւններու վերաբերեալ հարցերու պարագային կը գործեն Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հետեւեալ հեռախօսահամարները. 

+963 964 422 005 

+963 942 000 690»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ յունուար 6-ի կէսօրին Հալէպի մէջ բախումներ սկսած են Սուրիոյ բանակի եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու (SDF) քրտական ներքին անվտանգութեան ստորաբաժանումներու միջեւ։ 

Բախումներու յարակից տարածքներու մէջ կը գտնուին հայաբնակ թաղամասեր, որոնք նոյնպէս յայտնուած են վտանգաւոր գօտիի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ մինչեւ երեկոյեան ժամերն արձանագրուած են առնուազն 4 զոհ, 15 վիրաւոր, այդ շարքին՝ երեխաներ։ Երեկոյեան բախումները սաստկացած են։