image

ՆԱԹՕ-ի հարաւային թեւը Թուրքիոյ առաջնորդութեան կարիքն ունի. Ռիւթէ

ՆԱԹՕ-ի հարաւային թեւը Թուրքիոյ առաջնորդութեան կարիքն ունի. Ռիւթէ

ՆԱԹՕ-ի հարաւային թեւը Թուրքիոյ առաջնորդութեան կարիքն ունի։ Այդ կարեւոր է տարածաշրջանի կայունութեան տեսանկիւնէն, կը կարծէ Հոլանտայի վարչապետ, դաշինքի գլխաւոր քարտուղարի թեկնածու Մարք Ռիւթէ: Այս մասին գրած է ՌԻԱ Նովոսթի՝ յղում ընելով թրքական պետական Anadolu գործակալութեան։

«Թուրքիան վճռորոշ դեր կը խաղայ։ Ընդ որում, այն ջանքեր կը գործադրէ Կազայի իրավիճակի կարգաւորման համար», - նշած է քաղաքական գործիչը։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ թայէպ Էրտողան յայտարարած էր, որ նոր գլխաւոր քարտուղարը պէտք է լաւագոյն ձեւով ծառայէ դաշինքի անդամներու անվտանգութեան ու շահերուն, ահաբեկչութեան եւ այլ մարտահրաւէրներու դէմ պայքարին, ամրապնդէ դաշինքի միասնութիւնն ու առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնէ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր դերին, համոզիչ կերպով հաստատէ դաշինքի հիմնական արժէքներն ու ձեւաւորուած կիրառումները, ինչպէս նաեւ հաշուի առնէ դաշնակիցներու զգայունութիւնը: