Կովկասի ու Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա յայտարարած է, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը պիտի աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ ողջունելով այդ ուղղութեամբ Եւրոմիութեան ջանքերը:
Կոլոմինան այս մասին գրած է թուիթըրեան էջին՝ անդրադառնալով նախօրէին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի երրորդ նիստին:
«Լաւ նորութիւն է տեսնելը, որ մեր գործընկերները կը քննարկեն սահմաններու սահմանազատումը, որ անհրաժեշտ է տեղւոն անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար: ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կ'ողջունէ այդ ուղղութեամբ ԵՄ ջանքերը, ներառեալ այս բանակցութիւններու հիւրընկալումը եւ մեկնարկը»,- գրած է Քոլոմինան։
Յիշեցնենք, որ նիստը կայացած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:
Նիստի մեկնարկէն առաջ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթեց յանձնաժողովներու աշխատանքներուն եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ հետագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Գրիգորեան եւ Մուսթաֆաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Եւրոպական Միութեան խորհուրդին՝ հանդիպման լաւ կազմակերպման համար:
Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով տարբեր ձեւաչափերով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցերու:
Յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան իրաւական շրջանակներու ձեւաւորման նպատակով՝ կողմերը պայմանաւորուած են արագացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան կարգի համաձայնեցման աշխատանքները:
Կողմերը պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով որոշել յանձնաժողովներու չորրորդ նիստի գումարման թուականը եւ վայրը: