Նաթանիահուն մտադիր է Էրիթրիացի գաղթականները արտաքսել երկրէն

Նաթանիահուն մտադիր է Էրիթրիացի գաղթականները արտաքսել երկրէն

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կիրակի կայացած կառավարութեան նիստի ժամանակ խօսած է Էրիթրիացի գաղթականները արտաքսելու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք նախօրէին Թել Աւիւի մէջ բախումներ կազմակերպած էին։

Associated Press-ի հաղորդմամբ՝ Նաթանիահուն նախարարներուն յանձնարարած է նաեւ միւս անօրինական ներգաղթեալները արտաքսելու ծրագիր պատրաստել։

Շաբաթ Թել Աւիւի մէջ բախումներ տեղի ունեցած են Էրիթրիոյ իշխանութիւններու կողմնակիցներու եւ հակառակորդներու միջեւ, հաղորդուած է 160 տուժածի մասին, ներառեալ՝ 50 ոստիկանի, 8 մարդ կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։ Ըստ The Times of Israel-ի՝ մինչեւ կիրակի առաւօտ 50 մարդ ձերբակալուած է։ Անկարգութիւնները տեւած են քանի մը ժամ։

Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ Իսրայէլի մէջ կ'ապրի 25-30 հազար մարդ ափրիկեան երկիրներէ, հիմնականին Սուտանէն եւ Էրիթրիայէն, որոնք յոյս ունին, որ ապաստան ստանան այդ երկրին մէջ: