Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն մերժած է ՀԱՄԱՍ-ի հրադադարի առաջարկը: Անոր խօսքով՝ ՀԱՄԱՍ-ի պահանջներն ուղղակի անընդունելի են, քանի որ այդ գործնականօրէն կը նշանակէ վերադարձ նախապատերազմական «ստատուս քո»ին, յայտնած է NBC-ն։ Ըստ Նաթանիահուի՝ միայն ամբողջական յաղթանակը կ՚ապահովէ ՀԱՄԱՍ-ի ոչնչացումը եւ բոլոր իսրայէլցի պատանդներու վերադարձը, մինչդեռ ՀԱՄԱՍ-ի առաջարկին հետեւիլը «մահացու վնաս կը հասցնէ Իսրայէլի անվտանգութեան»:
«Եթէ մենք համաձայնինք ատոր, չենք կրնար երաշխաւորել մեր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը, ապահովել առեւանգուածներու վերադարձը, իսկ յաջորդ հոկտեմբեր 7-ը միայն ժամանակի հարց կ՚ըլլայ»,-ըսած է Նաթանիահուն։
Կազայի հատուածին մէջ պահուող պատանդներու հարազատները կառավարութենէն պահանջած են աւելին ընել գերիները վերադարձնելու համար, ներառեալ՝ զինադադար կամ հրադադար: Կիրակի՝ 21 յունուարի երեկոյեան անոնք վրաններ տեղադրած են Երուսաղէմի մէջ Նաթանիահուի տան դիմաց՝ պահանջելով անյապաղ համաձայնութիւն պաղեստինեան արմատական ՀԱՄԱՍ շարժման հետ՝ բանտարկեալներու ազատ արձակման համար։ Այդ մասին յայտնած է The Times of Israel թերթը։
Ինչպէս գրած է The Wall Street Journal-ը, Միացեալ Նահանգները, Եգիպտոսը եւ Քաթարն այս շաբաթ պիտի փորձեն բանակցութիւններ սկսիլ, որոնք, ըստ անոնց, «պիտի ապահովեն պատանդներու ազատ արձակումն ու ի վերջոյ պիտի յանգեցնեն իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերման»:
Դիւանագէտներու կարծիքով՝ պէտք է օգտագործել իւրաքանչիւր հնարաւորութիւն, որքան ալ այն փոքր ըլլայ, քանի որ պատերազմը սկսած է տարածուիլ տարածաշրջանին մէջ: