image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուն չի պատասխաներ իմ զանգերուն. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը բողոքած է

Նաթանիահուն չի պատասխաներ իմ զանգերուն. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը բողոքած է

Այն, ինչ կը կատարուի Կազայի հատուածի մէջ, բացարձակապէս անընդունելի է. այս մասին Reuters-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ:

Անդրադառնալով Կազայի մէջ Իսրայէլի պատասխան գործողութիւններուն ընդդէմ պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման՝ Կութերեշն ըսած է, որ տեղի կ'ունենան «միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շատ կոպիտ խախտումներ, լիակատար կը բացակայի խաղաղ բնակչութեան արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը»:

Իսրայէլ կը պնդէ, որ քայլեր կը ձեռնարկէ քաղաքացիական անձերու վնաս պատճառելու վտանգը նուազեցնելու համար, եւ որ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու զոհերուն առնուազն մէկ երրորդը զինեալներ են: Իսրայէլ կը մեղադրէ «Համաս»-ը պաղեստինցի խաղաղ բնակիչները որպէս կենդանի վահան օգտագործելու համար, ինչ որ «Համաս» կը հերքէ։

Կութերեշն ընդգծած է, որ չէ խօսած Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, որ երկար ժամանակ է կը մեղադրէ ՄԱԿ-ը հակաիսրայէլեան ըլլալու համար:

«Ես անոր հետ չեմ խօսած, քանի որ ան չի պատասխաներ իմ հեռախօսազանգերուն, բայց ես անոր հետ չխօսելու պատճառ չունիմ: Ուստի, եթէ ան գայ Նիւ Եորք եւ ինծի հետ հանդիպում խնդրէ, ես շատ ուրախ կ'ըլլամ տեսնելու զինք», - ըսած է Կութերեշ։ 

Այն հարցին, թէ արդեօք Նաթանիահու կը նախատեսէ հանդիպիլ Կութերեշի հետ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի ծիրէն ներս, ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տենի Տանոն պատասխանած է, որ Նաթանիահուի ժամանակացոյցը դեռ վերջնական տեսքի չէ բերուած։