image

Նաթանիահուի Պաքու նախատեսուած այցը յետաձգուեցաւ

Նաթանիահուի Պաքու նախատեսուած այցը յետաձգուեցաւ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն 7-11 մայիսին նախատեսուած այցն Ատրպէյճան յետաձգած է աւելի ուշ ժամկէտով: Այս մասին յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին՝ վկայակոչելով Իսրայէլի ղեկավարի գրասենեակը։

«Կազայի եւ Սուրիոյ ճակատներու իրադարձութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ ռազմաքաղաքական յագեցած օրակարգի պատճառով վարչապետ Նաթանիահուն որոշած է յետաձգել այցն Ատրպէյճան», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Գրասենեակէն ընդգծած են, որ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հրաւէրին համար եւ բարձր գնահատած երկկողմանի ջերմ յարաբերութիւնները:

Աւելի վաղ իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Պաքու այցի ծիրէն ներս նախատեսուած էին նաեւ բանակցութիւններ թրքական պատուիրակութեյան հետ Սուրիոյ շուրջ լարուածութեան նուազեցման հարցերուն շուրջ: