Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու 15 յուլիսին, շտապ փոխադրուած է հիւանդանոց:
73-ամեայ Նաթանիահու Իսրայէլի ամենաերկարակեաց ղեկավարն է: Այսօր ան գանգատած է կրծքավանդակի շրջանի ցաւէ:
Վարչապետը փոխադրուած է Թել Հաշոմեր աւանի Շեպա հիւանդանոց, ուր ան բժշկական ստուգումներու ենթարկուած:
Ըստ վարչապետի գրասենեակին, Նաթանիահու բարւոք առողջական վիճակի մէջ է, եւ կառավարութիւնը չի ձեռնարկեր որեւէ միջոցի, որ կ'ենթադրուի վարչապետութեան արտակարգ իրաւայաջորդութեան պարագաներուն: