image

Նարեկ Մալեան ազատ արձակուեցաւ

Նարեկ Մալեան ազատ արձակուեցաւ

 

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Վահէ Միսակեանի, ՎԵԹՕ շարժման ղեկավար Նարեկ Մալեանի ձերբակալումը ճանչցած է ոչ իրաւաչափ։

«Սա մի պատմութիւն է, թէ ինչպէս մեր իշխանութիւնները վախեցան մի ներկայացումից։ Թէ դատարանում էր քննարկւում դրա բովանդակութիւնը, թէ ոստիկանութիւնում ու յետոյ նաեւ քննիչի մօտ։ Չգիտեմ ինչի, ինչ որ մարդիկ բռնութեան կոչեր են տեսել, երբ ես ասել եմ մահ դաւաճաններին, հիմա էլ կրկնում եմ։ Ինչ որ դաւաճաններ վախեցել են, որ իրենց նկատմամբ բռութեան կոչ է իմ ասածը ու յայտնի «թուրք քրֆելու» յօդուածով սա արդէն 3-րդ քրէկան գործն է կապուած իմ անուան հետ։ Սա շատ ծիծաղալու է։ Փաստաբանը դատի ժամանակ դիպուկ նշեց եւ ասաց, որ եթէ Չաուշեսքուի գնդակահարումը, որը պատմական փաստ է, վախեցնում է ինչ որ մէկին՝ երկրի իշխանութիւններին, ապա պէտք է արգելել Օթելլոյի բեմադրութիւնը, կամ Ռոմէօ եւ Ժիւլիեթը, Համլեթը, պատռենք Րաֆֆու Սամուէլի վերջին երեք էջը»,- լրագրողներուն ըսած է Մալեանը։

Մալեանը կրկին նշած է՝ Չաուեսքուները պիտի գնդակահարուին, ինքն ալ ցոյց պիտի տայ հասարակութեան, թէ ինչի մէջ յայտնուած են անոնք, ցոյց պիտի տայ, թէ ինչքան վատ վիճակի մէջ ենք որպէս պետութիւն ու անմեղ ներկայացումը իշխանութիւններու մօտ կրնայ տագնապ առաջացնել ու նոյնիսկ առանց յարուցուած քրէական գործի, փորձեն իրեն առեւանգման փորձ ընել ու պիտի շարունակէ պայքարը։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Մալեանի փաստաբան Տիգրան Աթանէսեանը նշած է, որ շուտով հաղորդում պիտի ներկայացնեն յանցագործութեան մասին՝ կապուած ոստիկանութեան գործողութիւններու հետ։