Ատրպէյճանի մէջ բանակի զինծառայող անհետացած է: Ճէյհուն Հուսէյնովը յունիս 9-ին չպարզուած հանգամանքներու մէջ անհետացած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Սատարաքի շրջանի Կիւննուտ գիւղի ուղղութեամբ։
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ կ՚իրականացուին որոնողափրկարական աշխատանքներ:
Ըստ որոշ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ ան հատած է Հայաստանի հետ սահմանը եւ ձերբակալուած։
Նշուած է, որ զինծառայողը ձերբակալուած է Վայոց Ձորի Արենի գիւղի մօտ։ Պաշտօնապէս ո՛չ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ո՛չ ալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը դեռ չեն հաստատած տեղեկութիւնը։
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ատրպէյճանի մէջ կայծակի հարուածէն ծառայութեան ժամանակ 2 սահմանապահ մահացած էր: