Մեծ ցաւ ապրեցայ պարոն Անդրանիկ Քոչարեանի կողմէ այսօր արտայայտուած անզգոյշ խօսքին համար, եւ կրկին պէտք է ընդգծեմ՝ Հայոց բանակին մէջ կը ծառայեն մեր արժանաւոր ու լուսաւոր տղաքը, որոնք կը նախընտրեն իրենց պարտքը հայրենիքին առջեւ կատարել նաեւ իրենց ուսումը շարունակելէ առաջ․ այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան։
«Բանակում ծառայելը պատիւ է եւ կեանքի մեծ դպրոց, որը այլ բանով չի փոխարինուի: Բարի ծառայութիւն մեր բոլոր զինուորներին եւ յաջող ուսումնառութիւն մեր տղաներին. նրանք բոլորը մեր երկրի հպարտութիւնն են:
Երկու զինուորի հպարտ մամա»,-նշած է ան։
Յիշեցնենք՝ այսօր ԱԺ-ի մէջ պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահին հարցուցած են՝ ինչո՞ւ անոր որդին չէ ծառայած, որուն ի պատասխան Անդրանիկ Քոչարեանը յայտարարած է.«Իմ տղան շատ բարձրակարգ տղայ է, դու նրա գիտելիքների չափ որ ունենաս, դու էլ չես ծառայի»,-լրագրողի հարցին ի պատասխան ըսած է պատգամաւորը: