image

Նախարար Օհանեան Մօտէն Կը Հետեւի Առաջնային Գծի Իրադրութեան

Նախարար Օհանեան  Մօտէն Կը Հետեւի  Առաջնային Գծի Իրադրութեան

Հայաստան- ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  մօտէն կը հետեւի  արցախեան սահմանային հատուածի  ընդհանուր իրավիճակին: Այս մասին   Ֆէյսպուքեան գրառում մը կատարած է   ՀՀ պաշտպանութեան  նախարար խօսնակ   Արծրուն Յովհաննիսեան: Յովհաննիսեան նաեւ յայտնած է, որ   հայրենի նախարարը     21- 22 Յուլիսին այցելած է հարաւ արեւմտեան սահմանգօտիի  մօտ գտնուող զօրամասեր  մօտէն  ծանօթանլու ընդհանուր իրավիճակին: Ան   նաեւ այցելած է   սահմանային առաջագիծին վրայ գտնուող  դիրքեր: Յիշեցնենք, որ  երէկ      հակառակորդին կողմէ      հրաձգութեան  աշխուժութիւն նկատուած էր  եւ  ազրպէյճանեան   կողմը      հրաձիգներու կողքին  օգտագործած էր հրանետեր: