image

Սա Պաքուի պարտադրանքն է. Օհանեանը` Սահմանադրութեան վերաբերեալ Փաշինեանի թէզին մասին

Սա Պաքուի պարտադրանքն է. Օհանեանը` Սահմանադրութեան վերաբերեալ Փաշինեանի թէզին մասին

ՀՀ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու հարցը Ատրպէյճանի պարտադրանքն է։ Արցախի վերածնունդի օրը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելած ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանն այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցին` անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան յայտարարութեան։

Փաշինեան փետրուար 19–ին հանդէս եկած է ուղերձով` նշելով, որ էական է համաժողովրդական հանրաքուէով նոր Սահմանադրութեան ընդունումը։ Անոր խօսքով`գործող Սահմանադրութեան ընդունման համար կայացած բոլոր հանրաքուէներն ունին օրինականութեան լրջագոյն պակաս, եւ նոր սահմանադրութեան ընդունման ռազմավարական նպատակը անցումն է պետականազուրկ ազգի մնացորդային գործելակարգէն դէպի պետականակերտ ժողովուրդի գործելակարգ։

«Սա Ադրբեջանի եւ թուրք–ադրբեջանական տանդեմի կողմից պարտադրանքի ներքոյ է իրականացւում։ Կարծում եմ, որ սահմանադրական փոփոխութիւնների անհրաժեշտութիւն չկայ։ Դա կարող է լինել միայն, եթէ կառավարման համակարգում փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն լինի։ Նա (նկատի ունի Նիկոլ Փաշինեանին–խմբ.) Ադրբեջանի պահանջի բաւարարման ճանապարհին է, քանի որ այդ երկիրը անընդհատ նոր պահանջներ է ներկայացում եւ նոր պատժամիջոցներ կիրառում հայկական կողմի նկատմամբ։ Կարծում եմ, որ այսօր լուրջ խնդիրներ կան»,–ըսած է Օհանեանը։

Ան անդրադարձած է նաեւ Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան միջգերատեսչական յանձնաժողովի ձեւաւորման։ Օհանեանի կարծիքով`այդ բաւականին ուշացած որոշում է, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմն իր արդիւնքներով բերած է նոր իրողութիւն մը`աշխարհաքաղաքական զարգացումներն ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները պէտք է անվտանգութեան միջավայրի գնահատման հիմք հանդիսանային։