Կը դիմաւորենք հերթական նահանջ տարին: Մինչ ոմանք նախապաշարում ունին նահանջ տարիներու հանդէպ՝ զանոնք համարելով ոչ-բարենպաստ, ուրիշներ անոր ընծայած մէկ աւելի օրը հնարաւորութիւն կը նկատեն՝ մէկ օր աւելի երջանիկ ըլլալու, բարութիւն ընելու եւ խաղաղութիւն կերտելու համար:
Խաղաղութիւն… Մէկ հատիկ, տենչալի եւ թանկագին բառ: Որքա՜ն կարիք ունի աշխարհը խաղաղութեան: Աշխարհի ամենահրատապ կարիքն է խաղաղութիւնը հիմա: Խաղաղութեան, բարութեան, մարդասիրութեան պակասի պատճառով աշխարհ դարձած է բիրտ ու անհաշտ, կասկածամիտ եւ ռազմատենչ… Երկիրներ, ժողովուրդներ կ՚ատեն զիրար եւ ատելութիւն ու թշնամանք կը սերմանեն իրարու հանդէպ: Ատելութիւնը սերմեր կը նետէ եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Մինչդեռ, արդեօք այս մոլուցքին մէջ կը գիտակցուի՞, որ խաղաղութեան ճանապարհը աւելի դիւրին է եւ պատուաբեր: Այն դրամներ, որոնք կը մսխուին հրթիռներ գնելու, զէնքեր արտադրելու եւ ռազմական ծախսեր գոցելու համար, կարող են ծաղկուն երկրագունդ մը կերտել: Աշխարհի անհամաչափ ու ցնորած զարգացումը այսօր առաւել եւս նկատելի է: Երկրի մը մէջ մարդիկ կը բնակին անհոգ, ապահով, հարուստները ոսկեզօծ դղեակներ կը կառուցեն, անձնական օդանաւերով կը սաւառնին, իսկ ուրիշ երկրի մը մէջ միլիոնաւորներ կարօտ են ցամաք հացի, տաքութեան, հագուստի եւ խաղաղութեան: Պատերազմներու վրայ ծախսուող ահռելի դրամով կարելի է պարզապէս խաղաղութիւն ստեղծել… Միթէ այն երկիրները, որոնք ապահով են ու երջանիկ, ընդունա՞կ են վայելելու իրենց խաղաղութիւնը, եթէ աշխարհի մէկ ուրիշ երկրի մէջ արեան ծովեր կը հոսին… Արդեօք կատարեա՞լ է խաղաղ ու հարուստ երկիրներու կեանքը, թէ պարզապէս թուացեալ եւ կեղծ: Ի՞նչ կը զգայ արդեօք քաղաքակիրթ աշխարհը՝ առկայ պատերազմներուն ի տես: Այս է մեր կեանքը այսօր՝ զարտուղի, անկանոն եւ անորոշ… Ա՛յս աշխարհին մէջ կ՚ապրինք, կ՚աշխատինք, զաւակ կը մեծցնենք եւ կ՚երազենք… Պատերազմը ապրած ժողովուրդները աներեւակայելի տառապանքներ կ՚ապրին եւ դժուար է հաւատալ, թէ աշխարհը կարեկից է:
Մարդու յիշողութենէն դժուար է ջնջել արհաւիրքի սարսափը՝ մանաւանդ, եթէ մարդը նաեւ անձնական կորուստ ունեցած է… Նիւթական վնասներէ, տնտեսական ցնցումներէ եւ այլ չարիքներէ զատ պատերազմը ուղղակի կը կործանէ մարդու հոգին: Ուժասպառ, խոցուած ներաշխարհով դժուար է բարիք ստեղծել, արուեստ արարել: Պատերազմը մարդը կը դարձնէ յոռետես եւ անկայուն… Միթէ բնական անհրաժեշտութի՞ւն է պատերազմը։ Արդեօք զայն պարտադի՞ր է քաղաքակրթական ներկայ դարուն: Մեր նախնիք մեզի աւանդած են, որ ապրելու համար պէտք է կռուիլ եւ յորդորած են կռուիլ յաւերժ, մինչեւ կեանքի վերջ անդուլ պատրաստ ըլլալով կռիւի… Ամբողջ մեր պատմութիւնը լեցուն է կռուելու, պայքարելու քարոզով… Այդպիսի խօսքեր լսելը այլեւս անտանելի է: Այսօր միայն կարօտով կը յիշենք խաղաղութեան տարիները: Խաղաղութիւնը անգերազանցելի արժէք է եւ միայն պատերազմ տեսնելէ ետք կը հասկնաս խաղաղութեան իրական գինը:
Եւ ահաւասիկ, նահանջ տարին կը դիմաւորենք այս խոհերով՝ յուսալով, թէ օր մը մարդը կը դադրի իր նմանը սպաննելէ եւ մեր երազները անհոգ թեւեր կ՚առնեն… Նախորդ նահանջ տարին 2020-ն էր եւ զայն ամենեւին չէինք դիմաւորեր պատերազմներու եւ փորձանքներու դէմ ընդվզումներով: Աշխարհ կարծես խաղաղ էր. 2019 թուականի դեկտեմբերը սովորական անդորր ամիս մըն էր՝ հակառակ, որ կը խօսուէր վարակի մը մասին, բայց համաճարակի մասին տակաւին միտքեր չկային: Եւ եկաւ 2020-ը, որ սաստիկ անբարենպաստ եղաւ աշխարհի եւ հայութեան համար: Աշխարհի մէջ մոլեգնեցաւ համաճարակը, իսկ Հայաստանը, համաճարակէն զատ, ծանր պատերազմի հարուածներու տակ կքեցաւ եւ մինչեւ հիմա չէ ուղղած իր մէջքը: Նախորդ նահանջ տարուան այս յիշողութիւնը սարսափ կը յառաջացնէ, սակայն կեանքի չգրուած կանոնը այնպէս է, որ սպասածդ չ՚ըլլար: Ուստի, յոյսով լեցուն ենք, որ վատի սպասումը իրականութիւն չի դառնար, բայց նաեւ գիտենք, որ չարագործի համար չար են բոլոր օրերը, որովհետեւ ան միայն չարը կը մտածէ եւ իր նպատակին հասնելու համար օր, ժամ, տարի չի ճանչնար: Բարի մարդու եւ խաղաղութիւն տենչացողի համար այս բոլոր օրերը, բոլոր տարիները բարի են…
Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ընտանիքներ այս Կաղանդը կը դիմաւորեն կոտրուած սիրտերով, թաց աչքերով, կը դիմաւորեն՝ իբրեւ սովորական օր մը եւ օրը ճամբելէ ետք նորէն կը դառնան իրենց վիշտերուն: Արցախցիները վշտահար են… Հայաստանցիները անմասն են Կաղանդի իրարանցումէն… Անոնց միտքերուն մէջ միայն Արցախի հայաթափումն է եւ բազում զոհերը, որոնք ինկան պատերազմի դաշտը… Սուրբ Ծնունդի հրաշափառ խորհուրդներուն առջեւ միայն պահ մը կը բացուի վշտաբեկ մարդուն սիրտը եւ ան խաղաղութիւն կը գտնէ քրիստոնէական մեծ տօնին բերած լոյսին առջեւ: Քրիստոնէական համայն աշխարհը վեհ գաղափարներու եւ լաւ օրերու պատգամներ կը տարածէ եւ այդ արձագանգը կը հասնի նաեւ սգաւոր մարդու հոգիին:
ԺՈԶԷԻ ՈՏՆԱՄԱՆՆԵՐԸ
Տօներու ընծայած այս խոհերու ներքեւ կը ներկայացնենք պրազիլցի յայտնի գրող Փաուլօ Քոէլոյի առակներէն նմոյշ մը։
Վաղեմի, մոռցուած ժամանակներուն Պրազիլի հարաւի գիւղերէն մէկուն մէջ Ժոզէ անունով մանչուկ մը կը բնակէր: Ան եօթ տարեկան էր: Ժոզէն շատ պզտիկ եղած է, երբ կորսնցուցած է ծնողքը եւ զինք խնամելու սկսած է իր հօրաքոյրը, որ շատ ժլատ մէկն էր: Այս հօրաքոյրը շատ դրամ ունէր, բայց ոչինչ կը ծախսէր՝ որբ մնացած իր եղբօրորդիին համար: Ժոզէն, որ չէր գիտեր ի՞նչ է սէրը, կը կարծէր, թէ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, կեանքը այդ ձեւը առած էր՝ իբրեւ սովորական բան մը եւ երբեք նեղուած չէր:
Անոնք կ՚ապրէին շատ հարուստներու միջավայրին մէջ, Ժոզէն դպրոց կ՚երթար, բայց հօրաքոյրը չէր ուզեր անոր ամբողջ կրթաթոշակը վճարել: Ան դպրոցի գլխաւոր ուսուցիչը համոզեց, որպէսզի Ժոզէի ուսման համար վերցնէ միայն գումարի մէկ տասներորդը եւ եթէ չհամաձայնի, ապա ինք կը բողոքէ հոգաբարձութեան:
Պատասխանատու ուսուցիչը ճար չունէր, համաձայնեցաւ, բայց ատոր փոխարէն բոլոր ուսուցիչներուն թելադրեց, որ եթէ Ժոզէն նոյնիսկ աննշան խելօք չկենայ, անմիջապէս յանդիմանեն զայն, նոյնիսկ դպրոցէն վտարելու պատրաստ ըլլան:
Ճրագալոյցի օրն էր: Այդ գիւղի հոգեւորականը արձակուրդի մէջ էր, իսկ դպրոցի աշակերտները պիտի հաւաքուէին գիւղէն քիչ հեռու գտնուող եկեղեցին՝ պատարագի մասնակից ըլլալու: Տղաք եւ աղջիկներ կը քալէին եւ բնաւ հոգերնին չէր, որ յաջորդ օրը Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդն էր, անոնք միայն նուէրներով հետաքրքրուած էին, բարձրաձայն կը քննարկէին, թէ Կաղանդ պապուկի համար թողուած ձեռնոցներուն մէջ ի՞նչ դրուած պիտի ըլլայ՝ նորաձեւ հագո՞ւստ մը, բացառիկ խաղալի՞ք մը, անուշեղէ՞ն, հեծանի՞ւ, չմո՞ւշկ, թէ ուրիշ բան մը: Այդ օրը յատկանշական էր, ուստի բոլորը լաւ հագուած էին, բոլորը՝ բացի Ժոզէէն: Խեղճ մանչուկը ամէն օրուան իր քրքրուած հագուստը քաշած էր վրան եւ ոտքերուն նոյն հնամաշ ոտնամաններն էին, որոնք շատ պզտիկ էին, որովհետեւ հօրաքոյրը իր չորս տարեկանին գնած էր զանոնք եւ ըսած՝ որ յաջորդ զոյգ ոտնամանը տասը տարեկանին կ՚ունենայ:
Աշակերտներէն ոմանք Ժոզէին հարցուցին, թէ ինչո՞ւ ան այդքան աղքատ է, ըսին նաեւ, թէ կ՚ամչնան, որ հնոտի հագուող ընկեր ունին: Բայց Ժոզէն այդ ամէն ինչին նշանակութիւն չտուաւ, որովհետեւ երբեք չէր գիտցած սիրոյ արժէքը եւ մտահոգուած չէր ընկերներուն մեկնաբանութիւններով:
Անոնք մտան եկեղեցի: Ժոզէն լսեց երգեհոնի սրտաճմլիկ ձայնը, տեսաւ փայլող լոյսերը, տեսաւ միաբանութեան անդամները՝ տօնական հանդերձանքով, տեսաւ քով քովի կեցած ընտանիքները, տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս հայրեր ու մայրեր փաթթուած են իրենց երեխաներուն եւ այդ պահուն միայն զգաց, թէ ինք միայնակ է ու ամենաաղքատը՝ անոնց մէջ: Հաղորդութենէն ետք ան չուզեց տուն երթալ, նստաւ եկեղեցւոյ ելարանին վրայ եւ լալու սկսաւ: Ան երբեք կարեկցանք չէր զգացած եւ այդ պահուն ալ քնքշանք չտեսնելով՝ հասկցաւ, թէ անօգնական է ու անտեսուած:
Որոշ ժամանակ յետոյ Ժոզէն նկատեց, որ իր քովը պզտիկ տղայ մը նստած է, իր նման բոկոտն ու խեղճ: Աւելի առաջ բնաւ չէր նկատած այդ տղուն։ Մտածեց, որ քանի չէ տեսած՝ ուրեմն հեռու տեղէ եկած ըլլալու էր եւ ուրեմն շատ քալելու պատճառով ոտքերը մսած էին: Ժոզէ որոշեց իր ոտնամաններէն մէկը հանել եւ տալ անոր՝ գոնէ փոքր-ինչ տաքնային խեղճին ոտքը…
Թէեւ Ժոզէն բնաւ գուրգուրանք չէր տեսած, բայց հոգիի անտեսանելի ուժով կը զգար տառապանքի գինը եւ ան չէր ուզեր, որ ուրիշներն ալ տառապին: Իր տրեխներէն մէկը տալով տղային՝ գնաց տուն: Ճանապարհին ան ոտնամանը մէկ աջ, մէկ ձախ ոտքին կը քաշէր, որպէսզի ոտքին տակերը շատ չքրքրուին քարերէն եւ փուշերէն: Երբ տուն հասաւ, հօրաքոյրը անմիջապէս տեսաւ մէկ կօշիկը եւ ըսաւ, որ եթէ միւս օրը զոյգը չգտնէ, խիստ պատիժի կ՚ենթարկուի։ Ժոզէն երկիւղը սիրտին մտաւ անկողինը, որովհետեւ գիտէր այդ պատիժներուն համը: Ամբողջ գիշեր վախի մէջ կը դողդողար եւ երբ հազիւ քունի մտած էր, նստասենեակէն ձայներ լսեց: Մօրաքոյրը սենեակ խուժեց՝ հասկնալու, թէ ի՞նչ ձայներ են: Ժոզէն նոյնպէս գնաց եւ սենեակի կեդրոնը տեսաւ իր ոտնամանին զոյգը, որ տուած էր փոքրիկ անծանօթին: Կօշիկին քով լեցուած էին տեսակ-տեսակ խաղալիքներ, հեծանիւներ, չմուշկներ, նոր հագուստ… Դուրսէն կը լսուէին դրացիներու աղմուկ-աղաղակները, անոնք կը բողոքէին, թէ իրենց պզտիկները յուսախաբ են, որովհետեւ արթնցած եւ ոչինչ գտած են Կաղանդ պապուկին համար կախուած թաթմաններուն մէջ: Հոս հեւ ի հեւ ներս մտաւ այն հոգեւորականը, որու իրաւասութեան տակ գտնուող եկեղեցւոյ մէջ նախորդ օրը Ճրագալոյց տօնուած էր: Եկեղեցւոյ աստիճանին յայտնուած էր Մանուկ Յիսուսը՝ ոսկեկար հագուստով եւ միայն մէկ տրեխով: Ամէն մարդ մտիկ ընելով՝ ապշահար էր եւ լուռ կ՚աղօթէր: Անոնք կը պատկերացնէին տեսարանը, Աստուծոյ որդին… Լալու սկսաւ նոյնիսկ Ժոզէին հօրաքոյրը, ան արցունքներու մէջէն ներողութիւն խնդրեց: Եւ միայն Ժոզէի սիրտն էր, որ լի էր աւիւնով եւ անսպասելի սիրով…
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ» /Պոլիս
31.12.2023