image

Լիբանանահայ զինուոր մը ձերբակալուած

Լիբանանահայ զինուոր մը ձերբակալուած

«Արեւելք» (Լիբանան) – Շրջանառուող տեղեկութիւններու համաձայն՝ իսրայէլեան բանակը ձերբակալած է Լիբանանի նախագահական պալատի պահակախումբին («Լիուա Հարաս Ժամհուրի») անդամ հայազգի Փաթրիք Անդրանիկ Պեքարեանը (Զահլէ քաղաքէն), որ կը մեկնէր Հարաւային Ժդէյտէթ Մարջայուն քաղաք՝ իր ընկերուհիին այցելելու նպատակով։

Անոր ազատ արձակման ուղղութեամբ ջանքերը կը շարունակուին մինչեւ այս պահը, մինչդեռ իսրայէլեան կողմը տակաւին չէ հաստատած եւ ոչ ալ հերքած դէպքին վերաբերեալ տեղեկութիւնները։