Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը հարուած հասցուցած է Լիբանանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Ճապուրա բնակավայրին, որու հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է, երկուքը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան NNA ազգային գործակալութիւնը։
«Արեւածագին Արեւմտեան Պեքաայի Ճապուրայի արուարձաններուն թշնամական անօդաչու սարքի հարուածի հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է, երկուքը՝ վիրաւորուած»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Իսրայէլ, համաձայն «Հըզպալլա» շարժման վերջին յայտարարութեան, հրադադրը խախտած է աւելի քան 200 անգամ՝ գործածելով մարտական օդուժ, անօդաչու սարքեր եւ հրետանի, ինչպէս նաեւ ականապատման միջոցով պայթեցնելով տուներ՝ լիբանանեան բնակավայրերու մէջ։
«Հըզպալլա» իր կարգին երեքշաբթի յայտարարած է հրադադարի դրութեան մեկնարկէն ի վեր առաջին ռազմական գործողութեան մասին՝ ի պատասխան իսրայէլեան խախտումներուն։