Իսթանպուլի մէջ այս տարի եւս չեն թոյլատրած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկի կազմակերպումը։ Այս մասին կը յայտնէ Agos-ը։
Ըստ աղբիւրին՝ «Ապրիլ 24-ի յիշատակի հարթակը» դիմած էր Իսթամպուլի նահանգապետարանին՝ ապրիլ 24-ին, ժամը 19:00-ին, Քատըքէօյի մէջ՝ Սիւրէյյա օփերայի շէնքին դիմաց, յիշատակի հաւաք կազմակերպելու արտօնութիւն ստանալու համար։ Սակայն նահանգապետարանը մերժած է դիմումը։
Նոյն հարթակի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ վերջին տարիներուն եւս նման դիմումները մերժուած են, մինչդեռ մինչեւ համավարակի շրջանը յիշատակի ձեռնարկները տարբեր քաղաքներու մէջ, յատկապէս Իսթանպուլի մէջ, կանոնաւոր կերպով կազմակերպուած են։
Կազմակերպիչները յայտարարած են, որ յիշատակի ձեռնարկներու կազմակերպումը ժողովրդավարական իրաւունք մըն է եւ կոչ ուղղած են վերանայելու ընդունուած որոշումը։ Անոնք նաեւ շեշտած են, որ նման հաւաքները միտուած են յարգանքի տուրք մատուցելու 1915 թուականին զոհուածներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ նպաստելու հասարակական յիշողութեան եւ առերեսման գործընթացին։